Երեք օրէն՝ փետրուար 21-ին, Միսաք Մանուշեանին աճիւնները պիտի փոխադրուին Փարիզի Պանթէոնը։ Գնդակահարուելէ 80 տարի անց՝ Մանուշեանը ակամայ պիտի մասնակցի պատմութեան հեգնանքին մէկ դրսեւորումին: Եւ Մանուշեանը պիտի չկարենայ խուսափիլ այս վերջին նուաստացումէն, քանի որ հակառակ տարածուած ասոյթին, մեռեալը չի կրնար իր մերժումը արտայայտել՝ կլոր-կլոր դառնալով իր գերեզմանափոսին մէջ։ Ֆրանսացի բանաստեղծ Արակոնին խոսքերը շատոնց մոռցուեր են.
Դուք չխնդրեցիք ո՛չ փառք, ո՛չ արցունք
Ո՛չ երգեհոն, ո՛չ ալ հոգեվարքի մէջ եղողներու աղօթք:
Արակոն, Կարմիր ազդը
Միսաք Մանուշեանը ֆրանսական դիմադրութեան անդամ չէ ծնած, ոչ ալ բանաստեղծ, ոչ ալ համայնավար կուսակցութեան գաղտնի բանակի ղեկավար: Ան ծնած է պարզապէս հայ մանուկ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ուր որոշեր էին բնաջնջել զինք եւ իրեն պէս բոլոր հայ մանուկները: Մեծցած է որբանոցի մէջ՝ հօրը սպաննուելէն եւ մօրը սովամահ ըլլալէն ետք: 1925-ին Լիբանանէն Ֆրանսա մեկնած է եղբօրը հետ, որ կարճ ժամանակ յետոյ հոն մեռած է թոքախտէն։
Միսաք Մանուշեանը Ֆրանսայի Պանթէոն պիտի մտնէ 2024-ին՝ Ժան Ժորեսէն ճիշդ հարիւր տարի յետոյ։ Պատմութեան ևս մէկ հեգնանք… ինչպէ՞ս չհամեմատել այս երկու իրադարձութիւնները, որոնք այդքան նման են: Ժան Ժորեսին նուիրուած 1924-ի արարողութիւնը կազմակերպած էր համաձայնային կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Ժորեսի նախկին թշնամիները: Այդ ատենուան հռչակաւոր համայնավար առաջնորդ Փոլ Վայան-Քութիւրիէն այդ արարողութիւնը որակեց Ժորեսի երկրորդ սպաննութիւն՝ զզուելի համարելով որ անոնք, որոնք երբեք չէին ուզած պաշտպանել Ժորեսը իր կենդանութեան օրով (այդպէս ճանապարհ հարթելով իր սպանութեան համար), շահագործեն իր անունը յանուն քաղաքական շահի:
«Ասիկա Ժորեսի երկրորդ սպաննութիւնն է, […] որ իր աճիւնը կը վերածէ լուսաւոր, եռագոյն նշանի մը […] կառավարութիւնը այդպէս Ժորեսի դիակը կը յանձնէ քաղքենի դասին, որ զինք սպաննողն է»:
Փոլ Վայան-Քութիւրիէ,L’Humanité, 23 նոյեմբեր 1924
Ժորեսին պէս Մանուշեանն ալ պիտի մասնակցի արարողութեան մը, որուն ընթացքին անկեղծ յարգանքը պիտի խառնուի ցինիկ քաղաքական հաշուարկներուն: Հազիւ քանի մը ամիս առաջ երկու «եղբայր-պետութիւնները»՝ Թուրքիան և Ազրպէյճանը, տեղահան ըրին Արցախի հայերը: Եւ ֆրանսական կառավարութիւնը արտայայտեց իր «խիստմտահոգութիւնը» և, ինչպէս միշտ կ’ըլլայ նման պարագաներու, յանուն պետական գերագոյն շահին (raison d’État-ին) բան մը չըրաւ: Այս պայմաններուն մէջ Մանուշեանի Պանթէոն վերայուղարկաւորումը կեղծաւորութիւն է լոկ։
Բնականաբար Ֆրանսան «raison d’État-ին» մենաշնորհ չունի: Բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ անհամատեղելի է աջ ձեռքով յարգել այն արժէքները, որոնք ձախ ձեռքը արագ կը մոռնայ: Պանթէոնի մէջ կազմակերպուած արարողութիւնը չի կրնար մոռցնել տալ Ազրպէյճանի հետ կազային պայմանագիրները` ուժանիւթի մատակարարումը ապահովելու համար (ի դէպ՝ Ռուսիայէն ներկրուած կազով): Եւ եթէ raison d’État-ն կը պարտադրէ որ Արցախի ժողովուրդը միայնակ լքուի ի դէմ իր ճակատագիրին, որ մենք՝ հայերս լռենք Արցախեան պատերազմի վերջին բռնկումին հարիւրաւոր զոհերուն և տասնեակաւոր պատանդներուն մասին, ապա պարկեշտութիւնը կը թելադրէ, որ Ֆրանսան հրաժարի հայու մը հերոսական յիշատակէն օգտուելէ։ Ներկայ պայմաններուն մէջ Միսաք Մանուշեանին աճիւններուն Պանթէոն տեղափոխումը միայն փոշի է՝ նետուած Ֆրանսա ժամանած հայ գաղթականներու ժառանգներուն աչքերուն։
Միսաք Մանուշեանին յիշատակը իսկապէս յարգել պիտի նշանակէր զէնք ղրկել հայկական բանակին կամ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։ Ի վերջոյ՝ Արցախը Մանուշեանի խումբին մէկ այլ հայ մարտիկի մը հայրենիքն էր. խօսքը Արփեն Դաւիթեանի մասին էր, որը Շուշի ծնած էր եւ Մանուշեանին հետ գնդակահարուած է։
Ինչ կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք յառաջիկայ օրերուն առևտուր պիտի ընեն Միսաք Մանուշեանին յիշատակին շուրջ, թող յիշեն անոր վերջին խօսքերը.
«Ես կը ներեմ բոլոր անոնց, որոնք ինծի վնաս հասցուցած են կամ ուզած են վնաս պատճառել, բացի անորմէ, որ դաւաճանած է մեզի իր կաշին փրկելու համար, և անոնց, որոնք մեզ ծախած են»։
Միսաք Մանուշեան, վերջին նամակը կնոջը
Վազգէն Անդրէասեան, 18/02/2024