Հայաստանեան Առաքելական Եկեղեցու վրայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի և Ազրպէյճանի կողմից ուղղուած տարբեր յարձակումները եղած են պատմութեան մէջ։ Այս ծրագիրը թրքական ծրագիր է, օտար ծրագիր է, բայց կ’ըլլայ հայերու ձեռամբ։ Ասիկա է, որ բոլորիս համար անընդունելի պէտք է ըլլայ, եւ այս ընթացքը պէտք է կանգ առնէ, և պէտք է մենք սթափինք, լրջանանք եւ մեր այսօրեայ իսկական խնդիրների վրայ կենտրոնանանք, եւ ոչ թէ այսպիսի երկրորդական, երրորդական խնդիրների վրայ կենտրոնանանք, ինչպէս կ՛ըսէի՝ Հայրենիքի գոյութիւնը այսօր վտանգի տակ է։

Օրերս ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տեր-Գէորգեանը Փարիզի Ռատիո «Այբ FM» Մարիետ Կարապետեանի վարած «Քարտեր սեղանի վրայ» (Cartes sur table) հաղորդման հիւրերից մեկն էր։ Հաղորդումը վերաբերում էր Հայաստանում տեղի ունեցող իրադարձութիւններին և Հայաստանեան Առաքելական Եկեղեցու վրայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի և Ազրպէյճանի կողմից ուղղուած տարբեր յարձակումներին։

2018-ի “Յեղափոխութենէն” ետք սկսուած ռազմավարութիւն

Յովսէփ Տէր-Գէորգեանի խօսքով՝ Եկեղեցւոյ դէմ յարձակումները պատահականութիւն չեն, ո՛չ էլ մեկուսացուած միջադէպերի շարք:

Այս արշաւի կարգախօսը նոր չէ։ Այս արշաւը սկսուեցաւ 2018 թ, երբ Նիկոլ Փաշինեան իշխանութեան եկաւ։ «Նոր Հայաստան, նոր Հայրապետ» կարգախօսը միայն յեղափոխական ոգեւորութիւն չէր։ Դա գիտակցուած ծրագիր էր, որ սկսաւ իրականանալ նոյն պահուն, երբ Նիկոլ Փաշինեանը իշխանութեան եկաւ։

«Նախ՝ ասենք, որ իսկապէս ողբերգական է, որովհետև մենք այսօր կ’ապրենք մեր ամէնէն ճակատագրական՝ Հայրենիքի և Սիւնիքի համար, ճակատագրական օրեր։ Գիտենք, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ Պարսկաստանի մէջ, գիտենք, թէ այդ բոլորը ինչ տեսակի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Սիւնիքի վրայ, և այս մէկը անակնկալ ալ չէ, որովհետեւ մի քանի շաբաթ է, մի քանի օրեր է՝ կը խօսուի, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պայմանաժամ տուած էին Պարսկաստանին։ Փաստօրէն, եւ այդ Պարսկաստանին տրուած պայմանաժամի վերջը կը հասնէր։ Եւ ընդհակառակը, անցեալ շաբթուայ ընթացքին մենք, միասնական ըլլալու փոխարէն, մենք բոլորս դիմակայելու ընդդէմ այս վտանգները՝ Հայաստան, որպէս պետութիւն, որպէս ժողովուրդ, մեր վարչապետը ամէն օր ժամը ութ ու կէսէն առաջ, կը սպասէինք, թէ՝ ինչ տեսակի խելագարութիւն, ինչ տեսակի գռեհիկ ոճով գրառումներ պիտի ընէ: Այս նպատակը յստակ է»,- նշեց ան։

Խօսքը կազմակերպուած գործընթացի մասին է. Փաշինեան սկզբում փորձեց վարկաբեկել եկեղեցական հիերարխիան՝ այն համակարգուած կերպով կապելով հին ռեժիմի հետ։ Սա պատահականութիւն չէ։ Սա ռազմավարութիւն է։

Աւերիչ յարձակումներ՝ ներսէն եւ դրսէն

Յովսէփ Տէր-Գէորգեանի մտահոգ է, որ այդ յարձակումները կը համընկնեն Ազրպէյճանի իշխանութիւններու եւ Հայաստանի ներսի պաշտօնական շրջանակներու ճամբով. Բաքուի Շէյխ Փաշազադի եւ Նիկոլ Փաշինեանի կամ Աննա Յակոբեանի յարձակումները միաժամանակ էին և կը վիրաւորեն Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին՝ կոպիտ լեզուով: Անկէ օրեր առաջ Աննա Յակոբեան հրապարակաւ քննադատեց Կաթողիկոսին։ Սա պատահականութիւն չէ։ Սա համակարգուած յարձակում է։

«Բայց, կրնանք աւելի քիչ մըն ալ հեռու երթալ, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեանը կ՛ուզէ այսպէս հայութեան նկարագիրը, հայութեան արժէքները փոխել: Իրեն համար սրբութիւններ չկան, իրեն համար ազգային արժէքներ չկան, Նիկոլ Փաշինեանը կ՛ուզէ, թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ հայութիւնը կտրել իր անցեալէն, կ՛ուզէ հլու, հնազանդ, ենթարկուող կառոյցներու եւ ժողովրդի վերածել, կ՛ուզէ մեզի պատրաստել, նախապատրաստել, որ դիւրին ըլլայ թրքացման այդ ծրագիրը, եւ մենք այսպէս որեւէ հակադարձութիւն, որևէ կերպ չհակադրուենք այդ ծրագրին»։

Ան աւելցուց.

«Այս փորձը, ասեմ նաև, եղած է տարիներու ընթացքին, եղած է պատմութեան մէջ, նոյնիսկ՝ Վարդանանցէն սկսեալ։ Եղած է ետքը՝ ցարական իշխանութիւնների ընթացքին»։

Յովսէփ Տէր-Գէորգեանի աւելցուց, որ այս սցենարը սպառազինուած է ներմուծումով. սա հայկական գաղափար չէ։

« Այս ծրագիրը թրքական ծրագիր է, օտար ծրագիր է, բայց կ’ըլլայ հայերու ձեռամբ։ Ասիկա է, որ բոլորիս համար անընդունելի պէտք է ըլլայ, եւ այս ընթացքը պէտք է կանգ առնէ, եւ պէտք է մենք սթափինք, լրջանանք եւ մեր այսօրեայ իսկական խնդիրների վրայ կենտրոնանանք, եւ ոչ թէ այսպիսի երկրորդական, երրորդական խնդիրների վրայ կենտրոնանանք, ինչպէս կ՛ըսէի՝ Հայրենիքի գոյութիւնը այսօր վտանգի տակ է»:

Ան զգուշացուց հետեւանքներու մասին։

Բոլոր ճակատներուն սպառնալիք

Յովսէփ Տէր-Գեւորգեան կապեց ներքին փխրունութիւնը աճող արտաքին սպառնալիքներուն հետ.

«Ռուս-ուկրաինական պատերազմին եւ անոր հետևանքներին կու գայ աւելանալու այս՝ Իսրայէլ-Պարսկաստան պատերազմը կամ՝ իսրայէլեան յարձակումը։ Դա խիստ մտահոգիչ է: Պարսկաստանին, որ դաշնակից երկիր մըն է, ուր մենք հայկական գաղութ ունինք, հազարամեայ ներկայութիւն ունինք, այդ երկիրը յարձակման կ՛ենթարկուի եւ այս մէկը խիստ մտահոգիչ է։ Խիստ մտահոգիչ է, եւ ինչպէս կ՛ենթադրուի, որ եթէ ժամանակի ընթացքին, եթէ յառաջիկայ շաբաթներուն այս պատերազմը երկարի, և Պարսկաստան տկարանայ, այո՛, Սիւնիքի գրաւումը ազերիական՝ իսրայէլեան օժանդակութեամբ, որպէսզի նաեւ Պարսկաստանը տկարանայ։ Այս ամբողջ մեծ ծրագրի մէջ կրնայ մեզի համար շատ ողբերգային հետևանքներ ունենալ։ Եւ ասեմ, որ տարածաշրջանի մէջ՝ եթէ Պարսկաստանը տկարանայ, ինքնաբերաբար՝ Ազրպէյճանը և Թուրքիան պիտի հզօրանան։ Մեզի համար շատ կարևոր է, որ տարածաշրջանի հարցերու լուծումը բանակցութիւնների ճամբով ըլլայ, պատերազմական գործողութիւնների ճամբով չըլլայ»։

Յովսէփ Տէր-Գէորգեանի յաւելեց, եթէ Պարսկաստանը կտրուի Հայաստանէն, ապա դա Պարսկաստանի համար նաեւ տկարացում է, որովհետեւ դա Պարսկաստանի համար եւս մեծ հարուած է, իսկ Պարսկաստանի տկարացումը այդ ծրագրի մաս կկազմի։ Ան նախազգուշացուց մեծ պատերազմի վտանգի մասին.

«Եւ հո՛ս է հարցը, երբ այս բոլորը կը խօսինք եւ, միւս կողմէն՝ կտեսնենք, որ Նիկոլ Փաշինեան թաբլոիդներու, ինչպէս՝ ժուռնալիստները, ատենը մէյ մը, սկանդալային յօդուածներ կը գրեն, եւ այդ մտայնութեան մէջ, այդ մօտեցումով Հայաստանի ներքին հարցերը, եկեղեցու հետ հարցեր, եկեղեցի-ժողովուրդ, եկեղեցի-ժողովուրդ-պետութիւն, այդ կը նպաստէ այդ պառակտմանը, երբ այսօր մենք միասնականութեան պէտք ունինք։ Երեկ բազմաթիւ պետութիւններ անվտանգութեան խորհրդի նիստեր ունեցան։ Գոնէ ես մինչև այս պահս, չեմ կարծեր, որ վրիպեցաւ աչքէս, Հայաստանի մէջ անվտանգութեան խորհրդի նիստ չէ գումարուած։ Այսօր Հայաստանի բանակը արդեօ՞ք… Զինավարժութիւն կընէ արդեօ՞ք զինավարժութիւն կ՛ընէ, արդեօ՞ք Հայաստանի բանակը այսօր պատրաստ, կազմ պատրաստ է դիմակայելու։ Մենք անցեալ շաբաթներում տեսանք, թէ ինչ զինավարժութիւններ տեղի ունեցան Ազրպէյճանի, Պակիստանի, Թուրքիայի, և այս բոլորը, այս բոլորը մտահոգիչ են, եւ կարող են նախապատրաստութիւն ըլլալ Սիւնիքի գրաւումին։ Եւ կը յուսամ, որ մենք մի քանի շաբաթ վերջ պիտի չգանք եւ ասոր մասին պիտի չխօսինք՝ այստեղ։ Իսկ թէ որքանով Հայաստանի պետութիւնը, Հայաստանի ժողովուրդը գիտակից է այսօր այս վտանգներուն, և ինչ քայլեր կը ձեռնարկէ, այս մասին, կարծեմ, բոլորս, բոլորս պէտք է մտահոգուած ըլլանք»։

Կաթողիկոսին եւ Եկեղեցւոյն՝ աջակցութիւն

Յովսէփ Տէր-Գէորգեան շեշտեց, որ իր կուսակցութիւնը անյապաղ կը պաշտպանի Եկեղեցին եւ Վեհափառ Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին.

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չի կրնար լուռ մնալ: Ասիկա պէտք է նախ յստակացնենք։ Այսօր շատեր կան, որ կը փորձեն իրենց մատին ետևը պահուիլ, եւ չեն ուզեր յստակ դիրքորոշում արտայայտել: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ իր ընտանիքով, իր կառոյցներով, չի կրնար ընդունիլ այսպիսի փորձեր, այսպիսի յարձակումներ: Եւ ասիկա պատմութեան ընդմէջէն մենք ցոյց տուած ենք, ինչպէս քիչ մը առաջ կ’ըսէի ՝ ցարական իշխանութիւնների օրով, երբ կը փորձուէր բռնագրաւել Հայ Եկեղեցու ինչքերը, Դաշնակցութիւնը՝ Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը, նոյնիսկ ամենաբարձր մակարդակով, Ռոստոմով, ամբողջ իր կազմակերպական կառոյցի կարողութիւնները ի գործ դրին, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ ծրագիրը ձախողեցնել։ Եւ ձախողեցաւ: Եւ այսպէս պատմութեան նոյնիսկ կրնամ ըսել խորհրդային՝ 1920-ական թուականներուն, երբ արշաւ կը տարուէր հայկական եկեղեցու դէմ՝ կ’ըսուէր որ եկեղեցին դաշնակցութեան ազդեցութեան տակ է, մինչ այդպէս ոչ մէկ իրական կա։ Հայաստանեայց, ընդհանրապէս՝ Հայ ազգային եկեղեցին, այսպէս կ՛ուզեմ շեշտել, ինքնաբերաբար արժէք է Դաշնակցութեան համար՝ այդ եկեղեցին, ազգային եկեղեցին, եւ մենք, յստակօրէն մեր դիրքորոշումը արտայայտեցինք։ Արտայայտեցինք՝ կենտրոնանալով, առաջին խօսքիս սկիզբը, այդ ինքնութեան արժէքների վրայ, բայց պետութեան կողմէ այս միջամտութիւնները ընդունելի չեն»։

Կաթողիկոսի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան մասին.

«Այդ ծիրէն ներս է նաեւ, եւ ըսեմ, որ մեր յայտարարութեամբ միայն չենք բաւականանար, անշուշտ, Դաշնակցութիւն այլ և այլ քայլերու դիմուած է նաև, որպէսզի այդ մեր զօրակցութիւնը յստակ ձեւով արտայայտուի՝ եկեղեցու և կաթողիկոսին հետ, եւ, ինչպէս գիտէք, նաեւ երբ որ կաթողիկոսը վերադարձաւ Հայաստան իր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէ այցելութիւնէն, ժողովրդային ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ, եւ այդ ժողովրդային ընդունելութիւնը ապացոյց էր, որ հակառակ նիկոլ Փաշինեանի այդ խօսքերուն, տակաւին մենք ունինք այդ առողջ զանգուածը, որ պատրաստ է պայքարելու, դիմադրելու և իր խօսքը, իր կեցուածքով յստակ ապացուցելու, որ հայ եկեղեցին մինակ չէ, եւ Նիկոլ Փաշինեանի գործերը եւ այդ յայտարարութիւնները անընդունելի են»։

Ազգային հզօրութիւնից զրկելու պետական ծրագիր

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշեց որ Եկեղեցւոյ նկատմամբ հալածանքը ընդգրկուած է լայն ծրագիրի մէջ։ Ան քննադատեց իշխանութիւններու յանձնուողական գիծը.

«Վերջ ի վերջոյ, ի՞նչ է մեր ուզածը։ Ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ պետութիւն մը, որուն մենք պէտք ունենք, որովհետև սի՛ն են, սո՛ւտ են, կե՛ղծ են այն բոլոր գաղափարախօսութիւնները, եւ Նիկոլին այսօրեայ կառավարութիւնը, որ կ’ըսէ թէ մենք՝ գոյատևելու համար տարածաշրջանի մէջ պէտք է լեզու գտնենք, պէտք է ենթարկուենք, պէտք է մէկ կողմ դնենք մեր նպատակները եւ մեր պահանջատիրութիւնը։ Ո՛չ, կարող է ըլլալ չակերտեալ խաղաղութիւն, բայց այդ մէկը գերեզմանի խաղաղութիւն է»։

Եզրափակեց նախազգուշացմամբ.

Միակ ձեւը, միակ ձեւը, որպէսզի հայութիւնը կրնայ այս տարածաշրջանի մէջ գոյատեւել, միակ ձեւը ազգային պետութիւն ունենալն է։ Ազգայի՛ն պետութիւն, ո՛չ միայն պետութիւն ունենալն է, այլ՝ ազգայի՛ն պետութիւն ունենալն է, որովհետեւ, եթէ՝ նախ պետութիւն չունինք, եթէ չունինք բանակ, եթէ չունինք պետական մեքենայ, եթէ չունենք հզօր տնտեսութիւն, եթէ չունենք կադրեր՝ պետական այրեր, որոնք իրենց արհեստավարժութեամբ, իրենց մակարդակով կրնան երկիր ղեկավարել, իսկապէս կ’ըսեմ, մենք պիտի չկարողանանք յարատեւել այս շրջանի մէջ՝ որպէս պետութիւն։ Պետութիւն ունենալը շատ կարեւոր է։ Եւ տեսանք, որ նոյնիսկ կազմակերպութիւնները, որքան ալ որ հզօր ըլլան՝ Միջին Արևելքի մէջ զանազան կազմակերպութիւններ պետութիւններից աւելի հզօր էին, բայց պետութիւն չունէին, պետութիւն չէին։ Եւ պետութիւնը արժէք է այսօրեայ այս ժամանակաշրջանի մէջ՝ իր բանակով, իր տնտեսութեամբ, իր դիւանագիտութեամբ։ Որովհետեւ կազմակերպութիւններու դերակատարութիւնը տեղ մը կը հասնի, որ այլեւս կը դադրի։ Պետութիւններն են, որ հիմնական դերակատարներն են միջազգային քաղաքական կեանքին։ Բայց միայն պետութիւններն էլ չի բաւեր։ Պետութիւնը պէտք է ըլլայ ազգային պետութիւն՝ մեր երկրին մէջ, մեր տարածաշրջանում, որովհետև այսօր… երէ՛կ և այսօր, տակաւին, Թուրքիոյ և տարածաշրջանի միւս ուժերու համար, որ կայսերական մօտեցում ունեն, որ կայսերական նպատակներ ունեն, որ իրենց համար մենք՝ փոքր ազգերս, իրենց համար այսօր՝ կանք, վաղը՝ խաղաքարդ ենք, միւս օրը՝ կ՛րնենք այսպէս մեծ հաշիւներու, ասենք, բան ըլլալ, այո՛, մանր փոխանակման քարտեր ըլլալ… Մենք եթէ ազգային պետութիւն չենք, ուր մեր նպատակներուն, մեր իղձերուն չենք հասներ, ապա այս տարածաշրջանի մէջ կը լուծուինք և կ’երթանք և վաղը կը թրքանանք, կրնանք պարսկանալ, կրնանք ռուսանալ, կրնանք տարբեր-տարբեր պետութիւնների կամ քաղաքակրթութիւնների մէջ լուծուիլ, եթէ ազգային չենք։ Հո՛ն է, որ կը վերադառնամ՝ մենք կրնայի՞նք ապրիլ Վարդանանց պատերազմը, եթէ չունենայինք ազգային պետութիւն… Կ’ունենայինք պետութիւն հանգիստ ապրելու, բայց կը դադրէինք հայ ըլլալէ»։

Հիմնական աղբիւր՝ aypfm.com