Ճգնաժամային օրեր կ’ապրի հայութիւնը, արցախահայութեան կը սպառնայ ցեղասպանութեան վտանգ, Հայաստանի ազգադաւ իշխանութիւնները մոլեգնաբար կը կործանեն հայկական պետականութիւնը և ազգային ինքնութեան հիմնասիւները: Իշխող վարչախումբը միտումնաւոր կերպով պարտուողականութիւն, անտարբերութիւն, պառակտուածութիւն եւ անզօրութիւն կը տարածէ հայութեան լայն խաւերուն մէջ: Հայ ժողովուրդը բնաջնջել ուզող թշնամիներուն հետ խաղաղ յարաբերութիւններ հաստատելու անիրատեսական քաղաքականութեան անուան տակ Հայաստանը թրքական վիլայէթի վերածելու առաջին քայլերը կ’առնուին:
Արտաքին մակարդակի վրայ միայնա՛կ կը դիմագրաւենք աշխարհաքաղաքական փոթորկալից պայմաններուն՝ առանց իրական դաշնակիցներու: Տարածաշրջանի մնացեալ պետութիւնները, բնականաբար, կը հետապնդեն բացառապէս իրենց շահերը, իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը կը դիմէ այնպիսի քայլերու, որոնք կը մեկուսացնեն Հայաստանը որպէս պետութիւն եւ զինք կը դարձնեն օտար ուժերու շահերը սպասարկող ենթակայի:
Այս կացութեան մէջ ազգի առողջ ուժերը ճարահատ կը թուին ըլլալ, անոնք առ այսօր չեն յաջողիր համախմբելու հայութիւնը փրկութեան ծրագրի մը եւ անոր համապատասխան ղեկավարութեան մը շուրջ: Անորոշութիւնը համատարած երեւոյթի վերածուած է եւ նոյնիսկ կրնայ թուիլ, թէ չարակամ ուժերը կ’ուղղուին դէպի յաղթանակ՝ առանց հզօր դիմադրութեան բախուելու:
Այսպիսի օրհասական օրերուն հասած ենք այն հանգրուանին, որ ելքեր գտնելու եւ ծրագիրներ իրագործելու համար անհրաժեշտ է որդեգրել յստակ ուղենիշեր եւ տածել հետեւեալ արժէքներն ու դարձնել սկզբունքներ:
– Հաւատք: Հայութեան լայն խաւերու և նոյնիսկ որոշ ղեկավարութեանց մօտ կորսուած է կարծես հաւատքը, այն համոզումը, որ կարելի՛ է դուրս գալ այս դաժան փակուղիէն եւ պահպանել Արցախը հայկական, ազատագրել Հադրութն ու Շուշին եւ գրավեալ հայրենի միւս հողերը ու ազգային հիմքերու վրայ կերտել հայրենի պետականութիւն: Ո՛չ, ամէն ինչ կորսուած չէ՛, հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ ապրած է նման օրհասական օրեր և կրցած է պատուով դուրս գալ. լիզպոնեան խենթերու ինքնավստահութիւնն ու հաւատքն է, որ անհրաժեշտ է մեզ այս օրերուն: Յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը պէտք է յստակ գիտնայ՝ յուսահատութիւնը մահացու մեղք է եւ թաւալգլոր սկիզբն է բոլոր ձախողութիւններուն:
– Յեղափոխականութիւն: Ազգային գործով զբաղող ղեկավարութենէն եւ շարքային միութենական երիտասարդէն կը պահանջուին յանդուգն ու համարձակ քայլեր: Յեղափոխական մօտեցումը չի նշանակեր արկածախնդրութիւն, այլ ներկայ պայմանները նկատի առնելով՝ կ’ենթադրէ այնպիսի՛ ծրագիրներ, որոնք կը խառնեն խաղաքարտերը և հայութեան կը վերածեն ինքնուրոյն դերակատարի: Նոր խնդիրներու հնաոճ վերլուծումները, նախկին գործելակերպերու ընդօրինակութիւնը, քննական մտքի բացակայութիւնը կրնան ակամայ պահպանողական գործելաոճի, ճակատագրական սխալներու եւ կամ ապարդիւն ամլութեան մղել: Յեղափոխական միտքը եւ գործելաոճը անհրաժեշտութիւն է շրջելու համար այս իրավիճակը:
– Զոհողութեան գիտակցութիւն: Մեր հայրենիքը մշտական յարձակումի ենթակայ է, դիմադրելն ու գրաւուածը ազատագրելն առանց զոհողութեան անկարելի է: Անշուշտ, դժուար է ընդունիլ այս իրականութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւնները ամբոխավարական ձեւով ճիշդ հակառակ քարոզչութիւնը կը տանին. հանգիստ եւ խաղաղ կեղծ ապագայի մը մասին խօսելով՝ կը ջանան ջլատել ազգի պայքարող ոգին: Քաղքենիացած և «անտարբերութեան» քնեցնող արբեցութեան հոգեվիճակէն պէ՛տք է անյապաղ դուրս գալ եւ ազգովին պատրաստ ըլլալ յարատեւ կռուի եւ այդ ճամբուն վրայ զոհողութիւններ կատարելու: Մարտունակ, քաջ ու հայրենիքի համար զոհողութեան պատրաստ հայու տիպարը պէտք է վերակենդանացնել:
– Գործ: Ներկայ պայմաններուն մէջ տագնապիլը բաւարար չէ՛, վերլուծելը եւ սխալները մատնանշելը՝ նոյնպէ՛ս։
Դիմատետրի գրառումներ և ճառեր արտասանելը ազդեցութիւն ունենալու ուժ չունի: Պէտք է բոլորս համոզուինք, որ չկան հրաշք լուծումներ, այլ ծրագրուած, հետեւողական, տքնաջան եւ անշահախնդիր իսկական գործն է, որ պիտի առաջնորդէ մեզ դէպի արժանապատիւ ապագայ: Գործ անխտիր ամէ՛ն ոլորտի մէջ, որպէսզի ունենանք հզօր բանակ, գիտակից հայութիւն, մարտունակ երիտասարդութիւն, ամուր սահմաններ, կազմակերպուած Սփիւռք, միջազգային նեցուկ մեր պահանջներուն եւ… մեր ազգային իտէալները կենսագործենք: Հայութեան ներկայ իրավիճակը կը յատկանշուի չափազանց քննադատութիւններու՝ խօսքի տարափի ժամանակաշրջան մը ըլլալով, մինչդեռ հակառա՛կը կը պահանջուի բոլորէս՝ աշխատանք: Ընելիքները շատ են եւ ակներեւ, չսպասենք մէկս միւսին, նախաձեռնե՛նք և իրագործե՛նք:
– Միասնականութիւն: Օգոստոս ամսուն ընթացքին Արցախի մէջ տեղի ունեցած ներքին անկայունութեան դրսեւորումները ցոյց կու տան միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ներքին ամրութեան ի խնդիր. միասնականութիւնը կը պահանջէ յարգանք բոլորին նկատմամբ, այլ կարծիքներու ընդունում եւ որոշ փոխզիջումներ առողջ ուժերու միջեւ:
Միասնականութիւնը հնարաւո՛ր է առողջ ուժերու միջեւ միա՛յն: Արցախը յանձնողներու և Արցախը հայկական պահելու համար պայքարող ուժերու միջեւ միասնականութիւնն անկարելի է, եւ կ’արժեզրկէ ազգային միասնութեան գաղափարն ամբողջութեամբ:
Երկարաժամկէտ առումով վերը նշուած ուղենիշները եւ պայքարելու կամքն ու վճռականութիւնն են, որ կը ստեղծեն տնտեսական եւ զինուորական հնարաւորութիւններ եւ ժամանակաւոր պարտութիւններու էջերը կը դարձնեն մշտական յաղթանակներու:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդութիւնն իր բազմահազար անդամներու ամէնօրեայ պայքարով կը ջանայ մարմնացնել այս սկզբունքները՝ վկայ Արցախի, Հայաստանի ու յատկապէս Սիւնիքի եւ Սփիւռքի տարածքին ծաւալած իր բազմաբնոյթ ծրագիրները, իր անդամներու մուտքի արգելումը հայրենիք, երիտասարդ ընկերներու դէմ կատարուած բռնաճնշումներն ու բանտարկութիւնները, վկայ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած դաշնակցական երիտասարդները…
Մեր իրականութենէն ելլելով՝ շրջելու համար հայութեան այս իրավիճակը, անկմանը դիմակայող հակահոսանք առաջացնելու համար հայ երիտասարդութեան համախմբումը վերոնշեալ արժէքներուն շուրջ կը հանդիսանայ առաջնահերթ հրամայական:
Յ.Գ.: Յօդուածը գրուած է Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակի» երիտասարդութեան նուիրուած յատուկ թիւին համար, Օգոստոս 2023 թ.
Յովսէփ Տէր Գէորգեան
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, երիտասարդական հարցերու պատասխանատու
Հիմնական աղբիւր՝ arfd.am